image

Երեւանի մէջ բեռնատարն ինկած է շինարարական փոսը․ կայ տուժած

Երեւանի մէջ բեռնատարն ինկած է շինարարական փոսը․ կայ տուժած

Յունուար 17-ին, ժամը 11:55-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի Նորք Մարաշ թաղամասին մէջ՝ Գ. Յովսէփեան փողոցի թիւ 24/30 հասցէի մօտակայքը, բեռնատար մեքենան ինկած է փոսը, վարորդն արգելափակուած է․ մեքենայէն ծուխ կը նկատուի: Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:

Պարզուած է, որ «KamAZ» մակնիշի բեռնատար մեքենան (վարորդ՝ Բ․ Ա․, 1986-ի ծնունդ) ինկած է շինարարական փոսը (մօտ 12 մ ). հրդեհի նշաններ չկան:

Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը՝ վարորդը դուրս եկած է մեքենայէն:

Բ. Ա․-ն տեղափոխուած է հիւանդանոց։