Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի Տնօրէն Արա Խզմալեան, օրերս, այցելած է Պոլսոյ Պատրիարքարան եւ ընդունուած Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Քննարկուած են Հայագիտական միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան դրոյթներու գործնական ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղեալ քայլերը։
Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ մեր գործընկեր՝ «Ժամանակ»էն, որ ի մասնաւորի կը գրէ՝
Երէկ, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան այցելեց Պատրիարքարան։ Ան Իսթանպուլի մէջ կարճ կեցութիւնը առիթ համարած էր այցելելու համար Գումգաբու, ուր իրեն ընկերացան՝ Տաթեւիկ Մուրատեան եւ Սօնա Բալոյեան։ Արա Խզմալեան եւ ընկերակիցները հիւրընկալուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Քննարկուեցան Հայագիտական միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան դրոյթներու գործնական ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղեալ քայլերը։ Մատենադարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այդ համաժողովին մասնակցած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռը։ Յիշեալ նախագծի առանցքին են Պատրիարքարանի ձեռագրական ժառանգութեան գիտական ուսումնասիրութիւնն ու հրատարակումը, ինչպէս նաեւ ձեռագրերու պահպանման մշտադիտարկման համակարգի հաստատումը եւ վերականգնումը։
Արա Խզմալեան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախաձեռնելու համար Պատրիարքարանի ներկայացուցիչի մը վերապատրաստման ապահովումը մատենադարանի մէջ՝ մասնաւորապէս հոկտեմբերի 14-25-ին նախատեսուած «Յիշողութեան կերպարանքները» գիտագործնական սեմինարի ծիրէն ներս։
Խզմալեանի այցելութեան առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ յառաջիկային մատենադարանի աւագ ֆոնտապահն ու գիտական անձնակազմէն այլ մասնգէտ մը Պոլիս պիտի գան՝ Պատրիարքարանի ձեռագրերու հետազօտական աշխատանքները իրականացնելու նպատակով։
Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ անցեալ տարի Պատրիարքական Աթոռին անունով մասնակցած էր մատենադարանի կազմակերպած համաժողովին, ջերմօրէն ողջունեց Արա Խզմալեանն ու ընկերակիցները։ Ան յայտնեց, որ ձեռագրերու գիտական ուսումնասիրութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ անոնք անցեալէն աւանդուած բարոյական հարստութիւններ կը համարուին, աւելին՝ անոնց ուսումնասիրութիւնը մշակութային ու հոգեւոր զարգացման տեսակէտէ լուրջ նշանակութիւն ունի։ Փոխանորդ տէր հայրը յայտնեց, որ կը բաժնէ անցեալ տարուայ համաժողովին ի յայտ եկած մօտեցումները, ըստ որոնց՝ ձեռագրերը պէտք է պահպանուին իրենց գտնուած վայրերուն մէջ եւ մասնագէտները կարելիութիւն պէտք է ունենան գիտական աշխատանք տանելու անոնց վրայ՝ նկարագրութիւնները կատարելու, բովանդակութեան հաղորդ դառնալու համար։
Զրոյցի տեւողութեան Արա Խզմալեան մատենադարանի գործունէութեան թարմ երեսակներուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ նուիրեց կառոյցի հրատարակութիւններէն նմոյշ մը։
Զրոյցի աւարտին Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ Արա Խզմալեան եւ ընկերակիցները շրջայց մը կատարեցին Գումգաբուի մէջ՝ շնչելով Պատրիարքական Աթոռի սրահներուն եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մթնոլորտը։
Հուսկ, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ Գումգաբուէն հրաժեշտ առին դրական տպաւորութեամբ։