Նախօրերուն առեւանգած են Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակէն արդէն երկու տարի ծածանուող Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը. այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:
«Իրաւասու մարմինները պաշտօնապէս հերքում են, որ որեւէ մէկը մասնակցութիւն է ունեցել դրան։
Արցախի պետական դրօշը շարունակուելու է ծածանուել Երեւանի կեդրոնում եւ առաջիկայ ժամերին այն կրկին տեղադրուելու է իր մշտական տեղում։ Արցախը յաւերժ է», - գրած է Մանուկեան։