image

Երեւան. Հրապարակուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» հատորը

Երեւան. Հրապարակուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» հատորը

Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Ոստրէն ու մարգարիտը» թատերգութիւններու գիրքը, թարգմանութեամբ Էլֆիք Զօհրապեանի։

Այս վերջինը «Մարք Թուէյն» ու «Ուիլիըմ Սարոյեան» միջազգային մրցանակներու դափնեկիր է, երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղի սարոյեանագիտութեամբ

Թատերախաղերու այս ընտրանին, որ կազմուած է 108 էջերէն, կը բովանդակէ Սարոյեանի բազմաոճ գործերը. օփերայի, պալէի, ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի համար գրուած ինքնատիպ ու նուրբ երգիծանքով համեմուած թատերգութիւնները (1930-1950) հանրածանօթ չեն, իսկ «Փոքր ազգերու տառապանքը» թատերակը առաջին անգամ է որ հայերէնի թարգմանուած է։

Ըստ Սարոյեանի՝ «թատերգութիւն կարդացողը աւելի լաւ մարդ է, քանի որ իր միտքին մէջ նաեւ կը բեմադրէ զայն»։ 

Գիրքի խմբագիրն է Զաւէն Պօյաճեան։