Իրան ներկայիս բնագիրը կը պատրաստէ Միացեալ Նահանգներու հետ հնարաւոր համաձայնութեան վերաբերեալ, սակայն չի հաստատեր տեղեկութիւնը՝ աթոմական հարցի շուրջ ժամանակաւոր գործարք կնքելու հնարաւորութեան մասին։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային։
«Մենք այժմ կը գտնուինք մեր տեսակէտներու նախապատրաստման փուլին մէջ», ըսած է դիւանագէտը ճեպազրոյցի ընթացքին։
Ան նաեւ շահարկում անուանած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն վերաբերեալ տարբեր տեղեկութիւնները։ Անոր խօսքով՝ Ուաշինկթընի հետ ժամանակաւոր համաձայնագիր կնքելու հնարաւորութեան մասին պնդումները հիմնազուրկ են։
Յիշեցնենք, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ իրանական միջուկային թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են փետրուար 17-ին, Ժընեւի մէջ՝ Օմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մէջ։ Իրանական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին, իսկ ամերիկեան պատուիրակութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆը։ Արաքչին բանակցութիւնները բնորոշած է որպէս կառուցողական եւ լուրջ։ Անոր համաձայն՝ կողմերը յաջողած են մշակել առանցքային սկզբունքներ, որոնց հիման վրայ պիտի շարունակեն աշխատիլ համաձայնութեան շուրջ։
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յաջորդ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան փետրուար 26-ին Ժընեւի մէջ, յայտնած է օմանեան կողմը, որ կը հանդիսանայ բանակցութիւններու միջնորդ։