image

Իրանի մէջ սկսած է զանգուածային ուսանողական բողոքի ցոյցերու նոր փուլ

Իրանի մէջ սկսած է զանգուածային ուսանողական բողոքի ցոյցերու նոր փուլ

Իրանի մէջ սկսած է զանգուածային ուսանողական բողոքի ցոյցերու նոր փուլ՝ նուիրուած յունուարեան ցոյցերու ժամանակ զոհուածներու յիշատակի քառասունքին։ Այս մասին իր կայքին մէջ յայտնած է Իրանի Դիմադրութեան Ազգային Խորհուրդը (NCRI)։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Մեշհետ, Սպահան եւ Շիրազ քաղաքներուն մէջ։ Ցոյցերը ուղեկցուած են հակակառավարական կարգախօսներով։

«Նոր ուսումնական կիսամեակի առաջին օրը իրանական քանի մը համալսարաններու ուսանողներ կազմակերպած են հակակառավարական ցոյցեր՝ համալսարանական քաղաքներու տարածքին մէջ բախելով կառավարամէտ խումբերու հետ», ըսուած է նիւթին մէջ։

Լրագրողներու տուեալներով՝ շաբաթ օր, փետրուար 21-ին, Թեհրանի Ամիր Քապիրի եւ Շարիֆի անուան համալսարաններու ուսանողները հաւաքուած են համալսարանական քաղաքի տարածքին մէջ՝ վանկարկելով Իրանի իշխանութիւններու դէմ ուղղուած կարգախօսներ։ Նշուած է, որ բողոքի ցոյցերու նոր ալիքը պայմանաւորուած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու սրմամբ։