Ատրպէյճանի գերութենէն վերադարձած Վիգէն Էուլճեքչեանի երեխաները կը պատրաստուին տեղափոխուիլ Հայաստան։ Այս մասին ըսած է Էուլճեքչեանի կինը`Լինտա Էուլճեքչեանը։
«Մեր երեխաները կը պատրաստուին տեղափոխուիլ Հայաստան։ Այս պահուն մենք հիւրանոցը կ՚ապրինք, վճարումները եղած են մէկ–երկու շաբաթուան համար։ Վիգէնին խոստացեր են տուն տրամադրել։ Երբ տունը ըլլայ, մեր դուստրը՝ Քրիսթինը, պիտի գայ մեր քով։ Հիմա ան Լիբանանի մէջ հոգեբուժի կ՚այցելէ»,–ըսած է Լինտա Էուլճեքչեանը։
Ան նշած է, որ դուստրը անհամբերութեամբ կը սպասէ հօր հետ հանդիպման. անոնք ամէն օր 3-4 ժամ կը խօսին տեսազանգով։
Լինտա Էուլճեքչեանը նշած է, որ ամուսինը կ՚ուզէ մնալ եւ ապրիլ Հայաստանի մէջ, չուզեր վերադառնալ Լիբանան, եւ միակ պատճառը, որու համար պիտի մեկնի, որդիի հարսանիքն է։ Այդ նպատակով Վիգէնը մտադիր է Լիբանան մեկնիլ ընդամէնը մէկ շաբաթով, իսկ յետոյ նորէն վերադառնալ Երեւան։
«Մենք չէինք կրնար տոմսեր գնել ընտանիքի բոլոր անդամներու համար, որ հարսանիքը Հայաստանի մէջ ընէինք, եւ այդ պատճառով հանդիսութիւնը Լիբանանի մէջ պիտի կայանայ»,– ընդգծած է ան։
Անոր խօսքով` հարսանիքի ստոյգ օրը դեռ յայտնի չէ, քանի որ ամուսինը պէտք է Լիբանան հասնի եւ այդ հարցը քննարկէ որդիի հարսնացուի ընտանիքի հետ։
«Ի սկզբանէ՝ մինչեւ Վիգէնի ազատ արձակուիլը, հարսանիքը նշանակուած էր փետրուարի վերջը, սակայն երբ ան հօրմէն հաղորդագրութիւն ստացաւ ազատ արձակուելու մասին, քահանայէն խնդրեց, որ օրը փոխուի»,– պատմած է Լինտան։
Ան տեղեկացուցած է, որ հանդիպած են նաեւ ՀՀ–ի մէջ Լիբանանի դեսպանի հետ, քանի որ մտավախութիւն ունէին, որ փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով Վիգէնին կրնան ձերբակալել Լիբանան ժամանելուն պէս։ Դեսպանը անոնց վստահեցուցած է, որ անհանգստանալու կարիք չկայ`Վիգէնը կրնայ ազատ մուտք գործել երկիր։
«Մենք կրնանք Լիբանան մեկնիլ որեւէ ժամանակ, բայց այս պահուն Վիգէնը որեւէ փաստաթուղթ չունի։ Անոր հայկական անձնագիրը գրաւած է ատրպէյճանական կողմը, իսկ լիբանանեան անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտն աւարտած է չորս տարի առաջ։ Հիմա ո՛չ անձնագիր ունի, ո՛չ անձը հաստատող փաստաթուղթ։ Բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը պիտի տրամադրուին անոր գործի քննութենէն ետք»,–ըսած է կինը։
Ինչ կը վերաբերի Վիգէնի ինքնազգացողութեան, ապա Լինտայի խօսքով`ամուսինը ընդհանուր առմամբ լաւ է, ուրախ է, որ ազատ է, սակայն առողջական լուրջ խնդիրներ ունի։
«Ստացած հարուածներու հետեւանքով մէկ ականջը լրիւ խուլցած է։ Բացի այդ, անոր կ՚անհանգստացնեն մէջքի եւ վիզի ցաւերը, եւ բուժումը պէտք է շարունակուի»,– նշած է Էուլճեքչեանի կինը։
Վիգէն Էուլճեքչեանը (1979-ի ծնունդ) առեւանգուած ու գերեվարուած է 2020 թ․ նոյեմբեր 10-ին Շուշի քաղաքի մօտակայքը՝ իր հետ ճամբորդող Մարալ Նաճարեանի հետ։ 2021-ին Էուլճեքեանը 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր ահաբեկչութեան եւ վարձկանութեան շինծու մեղադրանքներով։
Նիւթը՝ «Սփութնիք» կայանէն