image

Օմանի ԱԳ նախարարը հաստատած է Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու կայացման օրը

Օմանի ԱԳ նախարարը հաստատած է Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւններու կայացման օրը

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր ալ-Պուսայիտին հաստատած է, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը նախատեսուած է կայացնել Ժընեւի մէջ՝ փետրուար 26-ին։ Այս մասին ալ-Պուսայիտին նշած է X-ի էջին կատարած գրառումին մէջ։

«Ուրախ եմ հաստատել, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները նախատեսուած են Ժընեւի մէջ այս հինգշաբթի՝ դրական ազդակով համաձայնութիւնը աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու համար», նշած է ան իր գրառումին մէջ։

Փետրուար 22-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած էր, թէ հնարաւոր է փետրուար 26-ին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններ վարել Միացեալ Նահանգներու հետ միջուկային ծրագրին վերաբերեալ։

Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան այս տարի արդէն ունեցած են բանակցութիւններու երկու փուլ։

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Օմանի միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի ունեցած է Ժընեւի մէջ՝ փետրուար 17-ին։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է շարք մը հարցերու շուրջ փոխըմբռնման հասնելու մասին, որոնք կրնան ներառուիլ ապագայ միջուկային համաձայնագրի նախագիծին մէջ։ Ուաշինկթըն յայտարարած է, որ խորհրդակցութիւնները լաւ ընթացած են, սակայն Թեհրան տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու Սպիտակ տան կողմէ ուրուագծուած շարք մը դիրքորոշումներ։