image

Ցաւակցագիր՝ Հ. Անտոն Վրդ. Սարոյեանի մահուան առիթով

Ցաւակցագիր՝ Հ. Անտոն Վրդ. Սարոյեանի մահուան առիթով

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը կը սգայ Գերպտ. Հ. Անտոն Վրդ. Սարոյեանի մահը՝ մեծարելով անոր տասնամեակներու նուիրեալ եւ անձնուրաց քահանայագործ ծառայութիւնը Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ։ Ցաւակցագիրը վեր կ՝առնէ հանգուցեալ վարդապետի առաքելական եռանդն ու հաւատարմութիւնը՝ զայն որակելով որպէս յոյսի ու սիրոյ կենդանի վկայութիւն եւ աղօթելով անոր հոգւոյն խաղաղութեան համար։

Ցաւակցագիրին մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը նշած է .

«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՅՈՒՍԱՎԱՌ ՀԱՒԱՏՔՈՎ»

Յարութեան հանդէպ յուսավառ հաւատքով՝ մենք կը սգանք Գերպտ. Հ. Անտոն Վրդ. Սարոյեանի (1947-2026) մահն ու երթը մեր երկնային Հօր սիրտը՝ նուիրուածութեամբ եւ անձնուրացութեամբ առցլուն քահանայագործ կեանքէն ետք։

Հ. Անտոն առաքելաջան վարդապետն էր Բարի Հովիւին հետեւողութեամբ՝ իր քահանայութիւնն ապրելով որպէս կոչում եւ ոչ իբր աշխատանք, որպէս յանձնառութիւն եւ ոչ իբր տիտղոս։

Հ. Անտոն Սուրիայի եւ Լիբանանի մէջ ծառայեց առաքելական եռանդով՝ մնալով իր ժողովուրդին կողքին, միշտ ներկայ անոնց ուրախութիւններուն ու վիշտերուն, ինչպէս ալ անսասան մնալով դժուարութիւններուն ժամանակ եւ յոյսի ձայնը՝ նեղութեան պահերուն։

Իտալիայի մէջ, Հ. Անտոն մարմնաւորեց Եկեղեցիին բաց եւ լուսաւոր դէմքը աշխարհին նկատմամբ՝ մեր հոգեւոր ժառանգութեան հարստութիւնը բերելով համընդհանուր Եկեղեցիին սրտին վրայ, Հռոմ։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հ. Անտոն շարունակեց իր առաքելութիւնը հաւատարմութեամբ ու խոնարհութեամբ՝ հաւաքելով իր համայնքաւորները խորանին շուրջ եւ հաստատելով, թէ իսկական քահանան ան է, որ կը կառուցանէ հաւատքի եւ սիրոյ կենսունակ իր Ծուխը։

Հ. Անտոն ոչ միայն խօսքի մարդ էր, այլ նաեւ ներկայութեան ու ազդեցութեան մարդը։ Մարդիկ կը սիրէին եւ կը պատուէին զայն, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէին միաժամանակ հայրը, ուղեցոյցն ու եղբայրը։

Հ. Անտոնի խօսքը ճշմարիտ էր, անոր դիրքորոշումը՝ անսասան, իսկ ծառայութիւնը՝ ներծծուած աղօթքի եւ նուիրուածութեան ոգիով։ Ան գիտէր, թէ ինչպէս պէտք է պահպանէր հաւատքի աւանդը, Եկեղեցիին միասնութիւնը եւ յոյս ցանել ամէնուրեք, ուր որ ալ երթար։

Հ. Անտոնի արժանացած մեծարանքը պարզապէս մարդկային գնահատանք չէր, այլ՝ անձնուրաց նուիրուածութեան կեանքին կենդանի վկայութիւնը։

Հ. Անտոն իր քահանայութիւնն ապրեցաւ որպէս ամէնօրեայ պարտականութիւն՝ անխոնջ սիրով ընդունելով իր առաքելութիւնը եւ այսպէս դառնալով լուռ ծառայութեան եւ արդիւնաւէտ նուիրումի օրինակը:

Երբ մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր Տիրոջ՝ Հ. Անտոնի կեանքի պարգեւին համար, մենք կ'աղօթենք, որ Ան վարձատրէ զայն իր առաքելական աշխատանքին համար եւ անոր շնորհէ այն բաժինը հաւատացեալներուն, որոնք հաւատարմօրէն ծառայեցին մինչեւ վերջ։

Մենք մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք անոր հոգեւոր եւ արիւնակից ընտանիքին, ինչպէս ալ բոլոր անոնց, որոնք սիրեցին զայն եւ աշխատեցան անոր հետ՝ Սուրիայի, Լիբանանի, Իտալիայի եւ Ամերիկայի մէջ: Յատկապէս անոր ընտանիքին՝ Սուրիայի մէջ, հաւատալով, թէ ան, որ արցունքով կը ցանէ, ուրախութեամբ կը հնձէ երկնքի արքայութեան մէջ։

«Մինչեւ վերջ պայքարեցայ բարի պայքարս, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատք. հիմա պատրաստուած է ինծի արդարութեան պսակը, զոր Տէրը՝ արդար Դատաւորը կու տայ փոխարէն ինծի այն Օրը: Ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սիրով սպասեցին անոր Յայտնութեան» (2Տիմ. 4,7-8)։

Յաւերժական հանգիստ տուր անոր, ո՜վ Տէր, եւ թող անմահական լոյսը փայլի անոր վրայ:

Թող անոր յիշատակը յաւիտենական ըլլայ։ Ամէն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Պէյրութ, Ժըթաուի, 12 Փետրուար 2026

† Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան
Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

 

 Կենսագրութիւն Ի Տէր Հանգեալ Վարդապետին 

 

Հայր Անտոն Վրդ. Սարոյեան աւազանի անունով Անթուան, ծնած է Դամասկոս 11 Սեպտեմբեր1947-ին:

Յաճախած է Յոյն Կաթողիկէ վարժարան: 

1959-ին ընդունուած է Զմմառու Մայրավանքի նորընծայարան, ուսկից՝ բարձրագոյն ուսումներ ստանալու համար ղրկուած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան 1966-ին: 

13 Հոկտեմբեր 1985-ին ստացած է սարկաւագութեան աստիճան:

26 Հոկտեմբեր 1985-ին, ձեռնադրուած է քահանայ Դամասկոսի մէջ:

1985-1986՝ եղած է ժողովրդապետ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ:

1986-1987՝ եղած է անդամ եկեղեցական Ատեանի:

1986-1988՝ Փոխ Ժողովրդապետ Հայ Կաթողիկէ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցւոյ, Պուրճ Համուտ:

1990-1992՝ Ներքին Մատակարար Զմմառու Մայրավանքի:

Եղած է Տնօրէն Աղաճանեան Սանուց Տան, Այնճար:

1992-1995՝ Ժողովրդապետ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Մարսէյլ:

1995-1997՝ Մեծաւոր Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի:

1998-2005՝ Ժողովրդապետ «Սուրբ Վարդան» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Տիթրոյթ:

2005-2010՝ Ժողովրդապետ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Կլէնտէյլ:

Յուղարկաւորութեան թուականի ու ժամի յայտարարութեան մասին աւելի ուշ կը տեղեկացնենք հանրութեան մինչեւ տեղի ունենան փոխադրութեան գործողութիւնները դէպի Լիբանան։ 

Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ ամենակալն Աստուած հայցելով Ս. Հոգիին մխիթարութիւնները հոգելոյս վարդապետին հարազատներուն եւ Միաբանակից եղբայրներուն։

Աղօթենք, որ Տէրը նորանոր Քահանայական կոչումներ հայթայթէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան։

Կիրակի 15 Փետրուար 2026-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Զմմառու Մայրավանքի մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ձայնաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին։ 

Խո՛ւնկ եւ աղօ՛թք անոր անմահ յիշատակին։