image

Ո՞վ էր ԱՄՆ-ի համար ամէնէն «թանկ» հետախուզուող՝ «Էլ Մենչո»ն

Ո՞վ էր ԱՄՆ-ի համար ամէնէն «թանկ» հետախուզուող՝ «Էլ Մենչո»ն

Աւելի վաղ գրած էին Մեքսիքոյի մէջ ստեղծուած տագնապալի  իրավիճակին մասին։

«Jalisco New Generation Cartel» նարկոքարտէլի առաջնորդը՝ «El Mencho» մականունով, մահացած է հիւանդանոց փոխադրուելու ճամբուն վրայ՝ Մեքսիքայի զինուած ուժերու յատուկ գործողութեան ընթացքին ստացած իր վէրքերէն։ Այս մասին յայտնած է Մեքսիքայի Ազգային Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

El Mencho-ն (իսկական անունով՝ Նեմեսիօ Օսեգուերա Սերվանտես) մեքսիքացի թմրավաճառական առաջնորդ մըն էր։ Ան կը գլխաւորէր «Jalisco New Generation Cartel» քարտէլը, որ Մեքսիքայի ամենէն հզօր եւ բռնի կազմակերպութիւններէն մէկը կը համարուէր։

«Էլ Մենչո» տարիներ շարունակ կը նկատուէր Մեքսիքայի եւ Միացեալ Նահանգներու ամենէն հետախուզուող յանցագործներէն մէկը՝ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան եւ կազմակերպուած բռնարարքներու մեղադրանքներով։

Նշենք, որ այս բոլորին աւելի մանրամասն կերպով հետեւելու համար  կրնաք միանալ Թէլէկրամեան մեր ալիքով՝ https://t.me/Arevelkam