Օրերս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուած է զանազան պատճառներով աշխարհ չեկած մանուկներու հոգիի խաղաղութեան նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Հրեշտակներու Մեր Տիրամօր տաճարին մէջ (Cathedral of Our Lady of the Angels), Լոս Անճելըս:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ` զանազան պատճառներով աշխարհ չեկած մանուկներու հոգիի խաղաղութեան նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Հրեշտակներու Մեր Տիրամօր տաճարին մէջ (Cathedral of Our Lady of the Angels), Լոս Անճելըս:
Յայտնենք, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած համաքրիստոնէական բնոյթի աւանդական այս հոգեհանգիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոս Անճելըսի մէջ գործող բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը կամ իրենց ներկայացուցիչները:

