image

Տեառնընդառաջի նախատօնակ Եագուպիէի մէջ

Տեառնընդառաջի նախատօնակ Եագուպիէի մէջ

Տնօրինութեանբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, օրերս, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած եւ յիշատակուած է Տեառնընդառաջի տօնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Տնօրինութեանբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնը, որ տօնն է քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան։

Քրիստոսի կենդանի լոյսը խորհրդանշող Ս. Խորանի լոյսով հաւատացեալները լուսաւորեցին իրենց մոմերը։

Աւարտին, մատրան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խարոյկի աւանդական հրավառութիւն։