image

Ձերբակալուած է ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը

Ձերբակալուած է ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը

Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը յայտնած է, որ իրաւապահները կ՚ուզեն զինք ձերբակալել։

«Այս պահին եկել են ինձ ձեռբակալելու։ Արիւնռուշտ հայադաւը շարունակում է իր ստորութիւնները։ Այ երկոտանի հրէշ, միեւնոյնմ է դու պատասխան ես տալու քո իշխանութիւնը պահելու համար Արցախն ու հազարաւոր զինուորներին գլխատելու, մեր պետութեան արժանապատւութեան վրայ քոյ եւ թշնամու ոտքերը մաքրելու համար։ Յիշի՛ր»,- գրած է ան:

Ռուբէն Յակոբեանի դուստրը տեսանիւթ հրապարակած է, թէ ինչպէս կը ձերբակալեն հայրը:

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ Ռուբէն Յակոբեանը ձերբակալուած է Քննչական կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։