Թուրքիա- Համացանցի վրայ հրապարակուած են երէկ Թուրքիոյ Սուրուճ աւանին մէջ զոհուած քիւրտ երիտասրդներուն պատկերները: Յիշեցնենք, որ անոնք քաղաքի հանրային մէկ պարտէզին մէջ ժողով կը գումարէին եւ կը պատրաստուէին դէպի Քոպանի նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղղարկել: Երէկ տեղի ունեցած անձնասպանական պայթումին հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած էր 30 -ի իսկ վիրաւորեալներունը՝ 100-ի: ISIS Ահաբեկչական խմբաւորումը դէպքէն ժամեր անց յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ստանձնած էր դատապարտելի ահաբեկչական պայթումին պատասխանատութիւնը: Իր կարգին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցագիր մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ` Էրտողանին: