Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի Մայր Տաճարին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, այս տարի սկսած են հիմնաւոր նորոգման աշխատանքներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։
Ակնարկելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի 13 Յունուար 2025 թուակիր գրութեան` Հաճոյքն ունինք հաւատաւոր ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ վերանորոգման և բարեփոխման աշխատանքները սկսած են արդէն։
Յատկանշական է որ այս մեծածաւալ գործը կը կատարուի Իրաքի Քրիստոնէութեան և այլ կրօններու Դիւանի կողմէ։
Ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքին, հերթաբար պիտի տեղադրենք լուսանկարներ աշխատանքի գործընթացէն։
Լուսանկարները տրամադրեց` Մասիս Մեսրոպեան