image

Երէկ Սուրուճի Մէջ Զոհուածներուն Մեծ Մասը Երիտասարդներ Են (Լուսանկարներ)

Երէկ Սուրուճի Մէջ Զոհուածներուն Մեծ Մասը Երիտասարդներ Են (Լուսանկարներ)

 Թուրքիա-   Համացանցի վրայ հրապարակուած են  երէկ  Թուրքիոյ  Սուրուճ աւանին մէջ  զոհուած  քիւրտ երիտասրդներուն պատկերները: Յիշեցնենք, որ  անոնք քաղաքի   հանրային  մէկ  պարտէզին մէջ ժողով կը գումարէին եւ  կը պատրաստուէին  դէպի   Քոպանի նիւթական  եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղղարկել:  Երէկ  տեղի ունեցած անձնասպանական  պայթումին հետեւանքով զոհերուն  թիւը հասած էր 30 -ի իսկ վիրաւորեալներունը՝ 100-ի: ISIS  Ահաբեկչական    խմբաւորումը դէպքէն ժամեր  անց   յայտարարութեամբ մը  հանդէս գալով ստանձնած էր      դատապարտելի    ահաբեկչական պայթումին  պատասխանատութիւնը: Իր կարգին  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան  ցաւակցագիր մը յղած էր  Թուրքիոյ նախագահ` Էրտողանին: