Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ մշակած է Քոյր Եկեղեցիներու հետ, որոնց շարքին է Էրիթրիոյ Ուղղափառ եկեղեցին։
Այս առումով ալ օրերս վերահասու կը դառնանք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասկնակցութիւն բերած է Էրիթրիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան։ Անթիլիասի Աթոռը ներկայացուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գործունեայ միաբանններէն՝ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանը։
Ստորեւ ատոր մասին Կաթողիկոսութեան էջով տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ին, օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.), Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ Ասմարայի (մայրաքաղաք) մէջ տեղի ունեցած Էրիթիրիոյ (Eritrea) ուղղափառ եկեղեցւոյ վեցերորդ նորընտիր պետին՝ Ապունա Պասիլիոս Պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան՝ ներկայացնելով հայ եկեղեցին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ դաւանակից եկեղեցւոյ պատրիարքի գահակալութեան արարողութեան։ Այս առիթով Մեսրոպ սրբազան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ՝ աղօթքներու արտասանութեամբ ու հայ եկեղեցւոյ շարականներու երգեցողութեամբ եւ ընթերցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին եղբայրական շնորհաւորական նամակը՝ ուղղուած նորընտիր պատրիարքին եւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն։
Իր այցելութեան շրջագիծին մէջ, սրբազան հայրը նաեւ հանդիպում ունեցաւ եպիսկոպոսական սինոդին հետ, որուն կը նախագահէր նորընտիր պատրիարքը։ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս անոնց փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու շնորհաւորութիւնները եւ միաժամանակ հաստատեց հայ եկեղեցւոյ (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն) զօրակցութիւնը Էրիթիրիոյ քոյր եկեղեցւոյ առաքելութեան ու գործունէութեան:
Յայտնենք, որ Էրիթիրիոյ եկեղեցին մաս կը կազմէ ոչ-քաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին (ինչպէս մեր եկեղեցին)։ Յարաբերութիւններու զարգացման ու գործակցութեան խորացման նպատակով Էրիթիրիա ժամանած էին հայ, ասորի եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ, որոնք եռօրեայ այցելութեամբ ծանօթացան դաւանակից եկեղեցւոյ գործունէութեան ու առաքելութեան: