image

Եռաբլուրի մէջ զինուորական կարգով յուղարկաւորած են Գայիանէ Աբգարեանը

Եռաբլուրի մէջ զինուորական կարգով  յուղարկաւորած են Գայիանէ Աբգարեանը

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 2 դեկտեմբերին, զինուորական կարգով յուղարկաւորեցին սեպտեմբերեան երկօրեայ յարձակման ժամանակ զոհուած Գայիանէ Աբգարեանը։

Գայիանէ Աբգարյան կը ծառայէր Զինուած ուժերուն մէջ, 4 երեխաներու մայր էր։ Ան կ'ապրէր Արմավիրի մարզին մէջ։

Յիշեցնենք, որ 2022–ի 13 սեպտեմբերին՝ ժամը 00:05-էն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները սահմանի ողջ երկայնքով հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած էին բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Հակառակորդը կը հարուածէր թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքացիական կառոյցներ։

14 Հոկտեմբերին ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ յարձակման հետեւանքով զոհերու եւ անյայտ կորսուածներու թիւը գերազանցած է 210-ը, որոնցմէ՝ 3 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, 2-ը՝ անյայտ կորած։ Փաշինեանի խօսքով, վիրաւորուած է 293 զինծառայող եւ 8 խաղաղ բնակիչ, իսկ անյայտ կորսուած զինծառայողներու թիւը 28 է։

4 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանը վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերի։ 29 Նոյեմբերի դրութեամբ, Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է 156 մարմին։