Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան հաստատած է, որ նախարար Սերգէյ Լաւրովի օդանաւին թոյլ չեն տուած մուտք գործել Սերպիան շրջապատող երկիրներու օդային տարածք:
«Դուք կը խօսիք ուղիներ բանալու, շփման հնարաւորութիւններու մասին, բայց ընդամէնը մէկ ժամ առաջ Սերպիան շրջապատող երկիրները փակած են բնական օդային ուղին Սերգէյ Լաւրովի օդանաւինհամար, որ պէտք է մեկնէր Սերպիա: Ռուսական պատուիրակութիւնը պէտք է բանակցութիւններ վարէրրՊելկրատի մէջ, իսկ ԵՄ-ի ու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները փակեցին իրենց օդային տարածքը: Սա կապի եւս մէկ փակ ալիք է», ըսած է Զախարովան:
Ան ընդգծած է, որ հաղորդակցութիւններու ընդհատման նախաձեռնողը ոչ թէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է, այլ՝ Արեւմուտքը: Աւելի վաղ սերպական Večernje novosti թերթը յայտնած էր, որ Պուլկարիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Չեռնոգորիան մերժած են օդային միջանցք տրամադրել Լաւրովի օդանաւին, որ պէտք է մեկնէր Սերպիա: