image

ԵՄ-ի ու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները փակած են իրենց օդային տարածքը Լաւրովի օդանաւին դիմաց. ՌԴ ԱԳՆ

ԵՄ-ի ու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները փակած են իրենց օդային տարածքը Լաւրովի օդանաւին դիմաց. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան հաստատած է, որ նախարար Սերգէյ Լաւրովի օդանաւին թոյլ չեն տուած մուտք գործել Սերպիան շրջապատող երկիրներու օդային տարածք: 

«Դուք կը խօսիք ուղիներ բանալու, շփման հնարաւորութիւններու մասին, բայց  ընդամէնը մէկ ժամ առաջ Սերպիան շրջապատող երկիրները փակած են բնական օդային ուղին Սերգէյ Լաւրովի օդանաւինհամար, որ պէտք է մեկնէր Սերպիա: Ռուսական պատուիրակութիւնը պէտք է բանակցութիւններ վարէրրՊելկրատի մէջ, իսկ ԵՄ-ի ու ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները փակեցին իրենց օդային տարածքը: Սա կապի եւս մէկ փակ ալիք է», ըսած է Զախարովան:

Ան ընդգծած է, որ հաղորդակցութիւններու ընդհատման նախաձեռնողը ոչ թէ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է, այլ՝ Արեւմուտքը: Աւելի վաղ սերպական Večernje novosti թերթը յայտնած էր, որ Պուլկարիան, Հիւսիսային Մակեդոնիան եւ Չեռնոգորիան մերժած են օդային միջանցք տրամադրել Լաւրովի օդանաւին, որ պէտք է մեկնէր Սերպիա: