Կառավարութեան մարտ 7-ի նիստին քննարկուած է դպրոցաշինութեան առնչուող խնդիրները, շինարարութեան որակն ու որակական չափանիշները։
Քննարկումներու արդիւքով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խիստ դժգոհութիւն յայտնած է դպրոցաշինական աշխատանքներէն։
«Եկէք արձանագրենք, որ մենք դպրոց կառուցել չգիտենք, մենք զրոյից սովորում ենք։ Բայց սովորելու պլան էլ է պէտք ունենալ՝ ինչպէս ենք սովորելու։ Ի հարկէ, փորձը կարեւոր է, բայց փորձն առանց ֆունդամենտալ գիտելիքներ ունենալու՝ տնայնագործութիւն է եւ ինքնուսուցում է, որը կարող է յաջողութիւն բերել, բայց դա համակարգ չէ»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ կառավարութեան նիստին ըսած է Փաշինեանը։
Նշենք, որ նախատեսուած է 2024 թուականի պետական պիւտճէով կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան (ԿԳՄՍՆ) ծրագրերու իրականացման համար յատկացուած միջոցներէն կատարել վերաբաշխում 1 միլիառ 367 միլիոն 925 հազար դրամի չափով, որու նպատակն է ֆինանսական միջոցներ յատկացնել շարք մը կրթական եւ մարզական հաստատութիւններու աւարտական աշխատանքներու ապահովման համար: Այդ մասին որոշման նախագիծը Կառավարութեան մարտ 7-ի նիստին ներկայացուցած էր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը: