image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս պաշտօնեան կ՚ահազանգէ Ամերիկեան սարքերով աթոմային ջերմուժ կառուցելու վտանգներուն մասին  

Ռուս պաշտօնեան կ՚ահազանգէ Ամերիկեան սարքերով աթոմային ջերմուժ կառուցելու վտանգներուն մասին  

Ռուսիան ակամայ հաշուի պիտի առնէ միջուկային անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր վտանգները, եթէ Հայաստանի տարածքին վրայ ամերիկեան արհեստագիտութեամբ փոքր ռէաքթորներու կառուցումը գործնական փուլ մտնէ։ Այս մասին  յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։

«Հայաստանը, ինչպէս յայտնի է, երկրաշարժի վտանգի ենթակայ տարածաշրջան է։ Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի (ԱԷԿ) կառուցման ժամանակ Խորհրդային ճարտարապետներու կողմէ կիրառուած հիմքի իւրայատուկ արհեստագիտական լուծումը թոյլ տուած է անոր յաջողութեամբ վերապրիլ 1988 թուականի սարսափելի երկրաշարժը․ մէկ միջուկային ուժային միաւոր մինչեւ այսօր կը գործէ…

Եթէ Հայաստանի տարածքին վրայ ամերիկեան արհեստագիտութեամբ փոքր ռէաքթորներու կառուցումը գործնական փուլ մտնէ, մենք, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի միւս բոլոր պետութիւնները եւ ինքնին Հայաստանի բնակչութիւնը, ստիպուած պիտի ըլլանք ակամայ հաշուի առնելու միջուկային անվտանգութեան ոլորտին մէջ այդ նոր վտանգները»,– ըսած է Շոյկուն։

Անոր խօսքով՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը, ըստ էութեան, ստիպուած պիտի ըլլայ ենթադրելու, որ «միջուկային արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ամերիկեան փորձարկումները պիտի իրականացուին մօտակայքը՝ երկրաշարժային աշխուժ գօտիի մէջ»։

«Ուստի, այո, ասիկա պէտք է դիտարկել իբրեւ սպառնալիք։ Չէի ուզեր զուգահեռներ անցընել, սակայն կը յիշեցնեմ, որ ճափոնական «Ֆուքուշիմա-1» աթոմակայանին մէջ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուած էին ամերիկեան ռէաքթորները, եւ ատիկա յանգեցուցած էր շրջակայ միջավայրի լայնածաւալ ճառագայթային աղտոտման»,– նշած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը։