Եգիպտոսն ու Թուրքիան պայմանաւորուած են հինգ տարուան ընթացքին երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հասցնել 15 միլիառ տոլարի: Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն՝ յղում ընելով Եգիպտոսի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան:
Աւելի վաղ Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սալիհ Շենը նշած էր, որ Եգիպտոսի առեւտուրի նախարար Ահմետ Սամիրը օգոստոս 1-ին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Թուրքիա: Տասը տարուան ընթացքին այդ պիտի ըլլայ առեւտուրի նախարարի առաջին այցը Թուրքիա։
Այցի շրջածիրէն ներս Սամիրը արդէն հանդիպած է իր թուրք գործընկեր Այմեր Պոլաթի հետ։
«Այցի ընթացքին նախարարները պայմանաւորուած են ճանապարհային քարտէզի շուրջ՝ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար՝ հինգ տարուան ընթացքին երկկողմ առեւտուրի ծաւալը 10 միլիառ տոլարէն հասցնելով 15-ի», - նշուած է Եգիպտոսի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Սամիրն ու Պոլաթը պայմանաւորուած են համագործակցութիւն հաստատել երկու երկիրներու ներդրողներուն անհրաժեշտ հնարաւորութիւններ ընձեռելու համար:
Բացի այդ, նախարարները քննարկած են յառաջիկայ ժամանակահատուածին երկկողմ առեւտուրի մէջ ազգային արժոյթներու օգտագործման հնարաւորութիւնը:
Նշենք, որ յուլիսի սկիզբը Թուրքիան եւ Եգիպտոսը 10 տարուան մէջ առաջին անգամ դեսպաններ նշանակած են։
Թուրք-եգիպտական յարաբերութիւնները վատթարացան 2013 թուականի յուլիսին Եգիպտոսի նախագահ Մուհամետ Մուրսիի պաշտօնաթողութենէն եւ ատոր յաջորդած արիւնալի բախումներէն ետք: Էրտողան խստօրէն դատապարտած է Եգիպտոսի զինուորականներու գործողութիւնները պաշտօնէն զրկուած նախագահի կողմնակիցներու նկատմամբ։ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը 2013-ի օգոստոսին խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչեցին իրենց դեսպանները, որմէ ետք Եգիպտոսը «անբաղձալի անձ» յայտարարեց թուրք դեսպանը, իսկ Թուրքիան՝ Եգիպտոսի դեսպանը: