Գանատահայ (արմատներով՝ Հալէպէն) ազգային-կուսակցական գործիչ Ժան Հալլաճեան, օրերս անդրադարձ մը գրած է Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին, որուն առթիւ թեր ու դէմ կարծիքներ հնչեցին։
Հաշուի առնելով մեր թերթի բարեկամին ողջմիտ տեսակէտները, գրառումը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
Վերջերս Թորոնթոյի մէջ Հայաստան Հիմնադրամի տեղական մասնաճիւղի ձեռնարկի ընթացքին, տեղեկացանք երիտասարդական յախուռն մէկ չհաշուարկուած եւ ճիշդ չհասցէագրուած քայլի մը, որուն անդրադարձը տեղական համայնքի հազիւ կայուն վիճակին վրայ սեպ խրեց:
Հայ Կեդրոնի յարկին տակ կազմակերպուած ձեռնարկը, մատի վրայ հաշուուած, այն քիչ նախաձեռնութիւններէն է, ուր գաղութային բոլոր հոսանքները կը հաւաքուին եւ իրենց լուման կը ներդրեն Հայաստանի եւ Արցախի ծրագիրներուն:
Պիտի արձանագրեմ քանի մը մտահոգութիւններ կապուած այս «երիտասարդական խանդոտ պոռթկումին»:
1- Հայ կեդրոնի պատասխանտուները վաղուց տեղեակ էին, որ իրենց յարկին տակ հասութաբեր ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ ,որուն առաջին բանախօսն է Դեսպանուհի Անահիտ Յարութիւնեանը: Եթէ իսկապէս վերապահութիւններ ունէինք իր անձին հանդէպ, պէտք է խնայէինք ձեռնարկը եւ անոր կազմակերպիչները նման անել կացութենէ, որուն գինը ո՛չ թէ տեղական մաշտապով պիտի վճառուի, այլ պիտի արձագանգը լսենք շատ անբաղձալի կողմերէ, իմա ազերիական եւ թրքական պաշտօնական ոհմակներէն:
Արդէն չուշացաւ այդ մէկը: Փաստօրէն, ընկերային ցանցերը այնքան ողողուած են նմանտիպ նիւթերով, որուն արդիւնքով միայն կ՛աղավաղուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիմագիծը եւ հարցականի տակ կ՛առնուի հայութեան պայքարունակ ունակութիւնը:
Դաշնակցութիւնը եւ Դաշնակցականները ընդհանրապէս, պատրաստուած են, եւ բնազդով իսկ գիտեն, ճիշդ թիրախը ընտրել երբ կ՛ուզենք ընդվզումի ձայն բարձրացնել, բողոքի ալիք յառաջացնել, ի հաշիւ անարդարութեան կամ ճնշիչ երեւոյթ մը շրջելու նպակատաւ, երբեմն նոյնիսկ դիմելով յեղափոխական միջոցներու:
Սակայն, այս մէկը երկսայրի թուր է, որ կրնայ նախքան ազդելը, անոր շեղբը առաջին հերթին ձեռքդ պատռէ եւ չէզոքացնէ հարուածի ազդեցութիւնը, երբ ո՛չ մարզուած եւ ունակ ձեռքի վստահուի այդ մէկը:
Մեր երիտասարդներու բնատուր աւիւնը պէտք չէ ուղղորդել այնպիսի եղանակով, ուր միայն պոռթկումի ձայն բարձրանայ: Այդ մէկը այնքա՜ն ազդեցիկ պէտք է ըլլայ, որ առաւել իրենց մէջ ամրագրէ ինքնավստահութիւն եւ ժիր նկարագիր: Իսկ խափուսիկ «հերոսութիւնները» միայն կրնան ժամանակաւոր յաղթանակի պճնանքով գոհացնել իրենց դերատի եսերը:
Արաբները, մանաւանդ պատավին, ծանօթ է իր վեհանձնութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ: Նոյնիսկ երբ թշնամին թակէ իր բնակարանի դուռը, զինք կը դիմաւորէ ըսելով «ԼԱՔԱ ԱԼԱՄԱՆ», այսինքն՝ քեզ կը շնորհեմ ապահովութիւնը եւ կ՛ընդունի զինք ու կը պատուէ նոյնիսկ իր յարկէն ներս, իսկ ազգակիցը կամ դրացին...:Այս ալ միջանկեալ:
2- Հետեւեցէք իմ գրառումիս կցուած դեսպանուհի Անահիտ Յարութիւնեանին կենսագրականին: Հոն պիտի տեսնէք եւ եզրակացնէք, որ այսօրուայ Հայաստանի իշխանութիւններու «արտադրանքը» չէ ամէնեւին: Քաղաքականութեան մէջ թրծուած եւ աստիճան առ աստիճան բարձրացած է անոր սանդուխդները, զրհապատուած բարձր ուսմամբ եւ բազմապիսի լեզուներու գիտութեամբ:
Ինք կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ոչ թէ իշխանութիւնները: Ինք նոյնիսկ անկուսակցական ըլլալու է, քանի ո՛չ մէկ տեղ արձանագրուած տեսայ իր կուսակցական պատկանելիութիւն ունենալու իրողութիւնը:
Իր պաշտօնը ստանձնած օրէն ի վեր հետեւած է գաղութային բոլոր նախաձեռնութիւններուն անխտիր, իր մասնակցութիւնը բերելով հոն ուր հարկ է: Աւելին, արժանացած է հայ հասարակութեան գնահատանքին եւ յատուկէն իրեն այցելութիւններով դրուատուած է իր առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը ներկայութիւնը Գանատայի տարածքին:
Թէեւ Երիտասարդականի հաղորդակգրութեան մէջ յիշատակուած է, որ դեսպանուհիի անձին հանդէպ ոչ մէկ խնդիր ունին, «ԲԱՅՑ ԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»: Ցաւերնիդ տանիմ երիտասարդ ընկերներ, ղուրպան ըլլամ : Ձեզ զով յուշեց կամ թելադրեց կամ կարդացիք այդ մասին, թէ ինք կը ներկայացնէ այսօրուան իշխանութիւնը եւ իշխանաւորները: Եթէ ճիշդ է այդ տրամաբանութիւնը, ուրեմն ամէն պետական կառավարման վարչական կազմի փոփոխութեան հէտ, պէտք է փոխուին բոլոր դեսպանները ու անոնց կցորդները ու հիւպատոսները: Այդպէս չէ սիրելիներ ընդունուած կարգը դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ: Չէիք գիտեր, թէ դեսպանները պետութիւն կը ներկայացնեն եւ իրենց հաւատարմագիրը կը ներկայացնեն տուեալ երկրի առաջին բարձրաստիճան ներկայացուցիչին: Հիւպատոսները եւ հիւպատոսարաններու տարածքը նաեւ կը վայելեն միջազգայնօրէն ճանաչուած կարգ մը, որուն կ՛ըսեն՝ անձեռմխելիութիւն: Դեսպանուհին, ունակ առողջ մտածողութեան մակարդակով, խոհեմութեամբ քաշուած է այն միջավայրէն՝ ուր կրնար շատ աւելի ծանրակշիռ, աննախատեսելի բորբոքումներու բեմայարթակը դառնալ: Նոյնիքն կազմակերպիչներն ա՛լ, «օճառը ջուրին չդպցնելով», շարունակած են օրուան շարժառիթի իրագործումը, առանց դեսպանի ներկայութեան, որովհետեւ կը հաւատամ՝ Արցախահայութեան կառիքներուն հասնելու գերխնդիրը, վեր դասեցին ամէն տեսակ հարցերէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու վարչակարգի քաղաքական տհասութեան ու գաղութները սեւով ու ճերմակով բաժանելու գործընթացքի ջաղացքին՝ ջուր պէտք չէ մատակարարել:
3- Այլ ակնարկութեամբ կ՛ուզեմ անդրադառնալ Դաշնակցական երիտասադականի եւ պատասխանատու մարմիններու կարգապահութեան: Եթէ մէկ բան կայ, որ կը զատորոշէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այլ կուսակցութիւններէ իր կարգապահական համակարգն է: Նման աքթ, կարելի չէ պատկերացնել, որ առնուազն տեղական պատասխանատու մարմիններ տեղեակ չպահուէին եւ առ այդ ցուցմունք ստացուէր: Առանց այդ կարգը յարգելու, մանաւանդ նմանատիպ պարագաներու, թուղթերը այնքա՜ն կրնան խառնուիլ, ուր յարդը ցորենէն զատելը կրնայ դառնալ անհնար եւ կը ստեղծուի կազմակերպական քաոս:
4- Ամէն պարագայի, քանի կայուն է այդ 133 ամեայ կառոյցը ու դեռ կը շնչեն բանիմաց Դաշնակցականները, ու խոհական պատասխանատու մարմինները, վստահ եմ այս կրակին բոցը պիտի խեղդուի իր հունին մէջ եւ պիտի ջանալ բարւոգել ստեղծուած անհանդարտ մթնոլորտը:
Սուրճի գաւաթի մէջ փոթորկած ալեկոծումը, պէտք է վերածուի խաղաղ ջուրերու ծովափի, ուր պիտի նաւարկեն մեր մակոյկները՝ իրենց ազգային կողմնացոյցերով , առագաստները բանալով դէպի գերխնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու նշանաձողին ուղղութեամբ:
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ, Հոկտ. 17, 2023