image

Մտորումներուս դեգերումներով. ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան (Բ.)

Մտորումներուս դեգերումներով. ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակին. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան (Բ.)

Պատկեր առաջին.

«Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են: Ժամանակաւոր են վարիչները:

Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները` հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները:

Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս ապագայի»:

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ

Վերջապէս հասաւ տուեալ ժամկէտը: Շատ կարճ ծանօթացման հանդիպումով, ստանձնեցի սուղ ԱՄԱՆԱԹը: Ուղղուեցանք ճշդուած կեցութեան պանդոկը, ուր առաջին հերթին զբաղեցայ մեր զոյգ անձագիրներու գրանցումի գործողութեամբ: Պանդոկի ընդունման պաշտօնեան, քաղաքավար ձեւով հարց տուաւ, թէ ես սուրիական անձագիրով, Հալէպի ծնունդ քաղաքացի ըլլալով ինչո՞ւ պանդոկ կ՛ուզէի իջեւանել` նկատի ունենալով, որ սուրիական օրէնքով քաղաքացին իր ծննդավայրի պանդոկը չի կրնար իջեւանել, առանց պետական յատուկ գրասենեակներու արտօնութեան: Պարտադրաբար, ճերմակ սուտ մը հնարելու հարկադրանքին տակ մնացի, ըսելով` ես Լիբանան կ՛ապրիմ եւ մօրս քեռիին հետ այցելութեան եկած եմ ծննդավայրս, իրեն ընկերակցելու համար, որովհետեւ քաղաքին անծանօթ է: Թէեւ այս նրբութիւնը հարց կրնար յարուցանել, բայց այսքանով` հեզասահ ընթացաւ առանց յաւելեալ բարդութիւններու:

Ընդհուպ,  բարձրացանք եւ պայուսակները տեղաւորեցինք մեզի տրամադրուած սենեակը: Սարգիս Զէյթլեան, հակառակ անոր որ նոր հասած էր ճամբորդութենէն, առանց հանգստանալու, յստակացուց իր տրամադրութիւնները, թէ ի՞նչ ձեւով կ՛ուզէր իրականացնել  ուղեւորութեան առաքելութիւնը` պարզելով կարգ մը ընկերներու եւ անձնաւորութիւններու անուններ, որոնց հետ կը փափաքէր հանդիպիլ, նախքան Շրջանային ժողով: Իմանալով անուններու ցանկը, խորհրդակցաբար` հերթը ճշդեցինք, անմիջապէս անցնելով գործնական քայլերու:

Մինչեւ հանդիպումներու իրականացումը, փափաք յայտնեց այցելել գրախանութներ, ուր կրնար ձեռք անցնել Խորհրդային հրատարակութեամբ քաղաքական-գաղափարաբանական հայկական գիրքեր: Այդ օրերուն ի՛մ ալ նախասիրած գրախանութներէս մէկը մեր պանդոկէն ոչ շատ հեռու «Տար Ալֆաճըր»-ն էր, որուն տէրը արաբ համայնավար մըն էր: Նաեւ, Կիւլասար Տէմիրճեանին գրախանութը, ուր կրնայինք հանդիպիլ սրբազանին այցելելու զուգահեռ` տրուած ըլլալով, որ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի համալիրին մէջ կը գտնուէր: Շատ ուրախացաւ, երբ լսեց, որ այդ թեմայով գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ կը գտնուի մօտակայ շրջանին մէջ: Առաջին հերթին որոշեցինք մեր ժամանակը հոն անցընել: Հետիոտն, հինգ վայրկեանէն, հասանք «Տար Ալֆաճըր»: Ընկեր Զէյթլեան, չէր թաքցներ իր խանդաղատանքը` գլուխը ճօճելով ու ժպտալով, երբ մէկիկ-մէկիկ սկսաւ թերթատելու ցուցադրուած գրքերը: Ճիշդ իր փնտռածները հոն գտաւ: Անոնք իր հետազօտութիւններուն եւ գալիք յօդուածագրութիւններուն բաւական ատաղձ պիտի հայթայթէր, լեցնելով իր գաղափարական կապարճը առարկայական նիւթերով: Ընկերը դժուարութիւն ունէր զատելու խորագիրները, ի տես առատ եւ հետաքրքրաշարժ խորագիրներուն: Համաձայնեցանք, որ երկրորդ այցելութեամբ այդ մէկը պիտի իրագործէր: Վերջապէս պատկառելի «բերքահաւաքով» վերադարձանք պանդոկ:

Սուրճի մը շուրջ մտերմութեան մը պատեհ առիթէն օգտուելով հարց տուի իրեն խնդիրի մը մասին, զոր ուշադրութիւնս գրաւած էր, ի հետւումն իր յօդուածագրութիւններու մէջ ներկայացման ոճին, երբ որպէս գաղափարական ընդդիմախօսի գրիչով` կը ներկայացնէր մտածումներ, տուեալ հրապարակագրութեան մը առիթով, ուր լայնօրէն կը մէջբերէր նոյնի՛նքն հակառակորդին գաղափարական մտածումները, առանց վարանելու, լայն տեղ տալով անոր բովանդակութեան: Խանդոտ  երիտասարդական համարձակ դիտարկումս կը կայանար այն տուեալին վրայ, որ այդ եղանակի ներկայացումով, ձեւով մըն ա՛լ աննուղակի փողարկողը կ՛ըլլանք այդ սին եւ հարցական գաղափարներուն, աւելի չիմացողը պիտի գիտակ ըլլար մեզի համար անհաղորդ տեսակէտներէ, աւելի տարածուն դարձնելով հակառակորդի մը «թունաւոր» մատուցումը:

Թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ դէմքին վրայ եւ լուրջ հարցադրումիս դիմաց, ընկալեալ դաստիարակչական շունչով մօտաւորապէս այսպէս ձեւաւորեց իր պատասխանը.

«Նախ, ընդլայնուած մէջբերումը, խօսքի մը պարունակութեան հարազատ ու ազնիւ մէկնակէտը կը պարզէ: Այլապէս, նախադասութիւն մը կամ հակիրճ պարբերութեան յիշատակումը մը, խօսքի մը ամբողջական հարազատութիւնը չի ցոլացներ, եւ այս մէկը պարկեշտ հրապարագրի բնաբանը չէ:

«Երկրորդ հարցը, ընդդիմախօսի մը լայնածաւալ տողերու չափին մէջբերումը չէ խնդիրը, կարեւորը անոնց դէմ յանդիման ուղղուած ամուր եւ հիմնաւորեալ պատասխանն է, որ հիմք ունենալով տրամաբանութիւնը ու անհերքելի ճշմարտութիւնը, պիտի մերկացնեն յերիւրանքը, եւ պիտի փշրուին ստուար կեղծիքի ամբարտակները»:

Արծարծած թեմաս պատճառ դարձաւ, որ կարկինը լայն բանալով, Զէյթլեան բացատրէ, թէ ինչո՞ւ անխնայ եղաւ իր քննադատութիւններով ու իր հրապարկագրութիւններով, խարազանեց համատարած ռուսէրէնի վտանգը եւ գովերգեց  ոսկեղինիկի գերիշխանութիւնը:

Զէյթլեանի համար. «… Հայ մատաղ սերունդները, հայ ուսանողութիւնը պարտաւոր է ռուսերէն սորվելու, պարտաւոր է ռուսական մշակոյթը իւրացնելու, սակայն այն չափով եւ այն սահմաններուն մէջ միայն, որ բարիք է եւ բարիք կը բերէ հայ ժողովուրդին:»

Աւելցնելով լուսաբանեց, թէ ինչո՞ւ իր ոսպնեակէն դուրս չինկան բնապահպանական հարցերը, եւ Երեւանի մթնոլորտի ապականումը դարձուց իր գրչի պոռթկացող տողերը: Հաստատեց նաե՛ւ, թէ ինչո՞ւ կարեւոր է ծանր մեղադրանքներու լեզուով` խօսիլ օրուան հայրենի համայնավար իշխանութիւններուն հետ, Հայաստանէն արտագաղթի հարցով, ըլլայ դէպի խորհրդային երկիրներ եւ կամ արտերկեան սփիւռք, որովհետեւ այս ահաւոր երեւոյթը Հայստանի եւ հայ ժոովուրդի ազգային անվտանգութեան հիմանական սպառնալիքը պէտք է համարել:

Տեղ մը Ս. Զէյթլեան, իր խմբագրականներուն ընդմէջէն կը հաստատէ, որ` «արտագաղթը աղէտալի է առանձնապէս փոքր ազգերուն համար: Այն ազգերուն համար, որոնք պարտաւոր են գուրգուրալու իրենց համրանքին վրայ, որովհետեւ այդ համրանքը հիմը, նախապայմանը կը կազմէ իրենց գոյութեան ու գոյատեւման»:

Շարունակելով հարցադրումիս պատասխանել, լայնօրէն բացատրեց, թէ ինչո՞ւ անխնայ պէտք է գտնուինք եւ ամբողջ էութեամբ մարտնչինք, երբ հայրենի իշխանաւորները կը փորձեն ամէն առիթով դեռե՛ւս պարսաւորել ՀՅԴ-ի ներկայութիւնը հայ կեանքէն ներս, երբեմն պատմական մաշած կշտամքներով նորեգելու վէրքեր, որոնք երբե՛ք օգտակար պիտի չըլլային ազգի միասնութեան խնդիրներուն:

Ան շեշտեց ըսելով` վարչաձեւը պէտք չէ նոյնացնել հայրենիքին հետ:  Չարիքներու ակունքը կոմունիստական բռնապետութիւնն է: Արդէն աւելի շեշտակի, իր «Ինքնիշխան Հանրապետութիւն»-ը խմբակրականով, Զէյթլեան յստակօրէն կը բանաձեւէր խորհրդային համակարգը ըսելով. «Այդ ամբողջատիրական վարչաձեւին բերումով, խորհրդային պետութիւնը խստօրէն կեդրոնացեալ պետութիւն մըն է: Ճիշդ այս պատճառով ալ, որքան ալ սահմանադրօրէն կամ ձեւապէս հաստատելի, փաստօրէն խորհրդային բազմազգ պետութիւնը իր սահմաններուն մէջ չի հանդուրժեր եւ չի կրնար հանդուրժել ոչ միայն այլ պետութեանց կամ հանրապետութեանց իրական գոյութեան, այլեւ չի հանդուրժեր եւ չի կրնար հանդուրժել պաշտօնական իր տեսակէտներէն տարբեր կարծիքներու…»:

(Շար. 2)

 

Ժան Հալլաճեան
«Ազդակ»