Հանրապետութեան հովտային եւ նախալեռնային շրջաններուն եւ Երեւանի մէջ առկայ է եւ կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ: Այս մասին յայտնած են Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութենէն։
Հանրապետութեան տարածքին` 15-19-ը առանձին շրջաններուն մէջ, կէսօրէն ետք եւ գիշերը կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներուն մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։
Քամին հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը 14 Օգոստոսի ցերեկը կը նուազի 2-4 աստիճանով։
Երեւան քաղաքի մէջ՝ 14-15 Օգոստոսի երեկոյեան ժամերուն եւ գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում 18-20 մ/վ արագութեամբ: 16-19 Օգոստոսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: