Չնայած Ուքրանիոյ շուրջ խոր անհամաձայնութիւններուն, Ամերիկան պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ Մինսքի խումբին մէջ` յանուն ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ կարգաւորման:
ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գրասենեակը Թուիթըրով կը տեղեկացնէ, որ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահը զրուցած է իր գործընկերներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ապագան»:
«Ցաւալի է, որ ռուս համանախագահը չընդունեց հրաւէրը: Կ'ակնկալենք, որ Մինսքի խումբը շարունակէ աշխատանքը», ըսուած է գրառման մէջ:
Յիշեցնենք, որ օրերս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Պաքուի մէջ յայտնած էր, որ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ»:
Սերգէյ Լաւրովի խօսքով, 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ նոր գործընթացներ սկսած են` հակամարտութեան հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ, եւ այդ գործընթացներու հիմքին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններն են:
Իսկ ահա Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղար Քերըն Տոնֆրիտը, մինչդեռ, վերջերս ընդգծած էր, որ չնայած Ուքրանիոյ շուրջ խոր անհամաձայնութիւններուն, Ամերիկան պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ Մինսքի խումբին մէջ` յանուն ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ կարգաւորման: