Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի եպիսկոպոսացման երկրորդ տարեդարձին առիթներով, օրերս, Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, ժամերգութեան ընթացքին 9 պատանիներ ստացած են դպրութեան չորս աստիճան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Ուրբաթ օր, Հոկտեմբերի 10-ին, Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եպիսկոպոսացման երկրորդ տարեդարձին առիթներով` Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ որու ընթացքին ինը պատանիներ դպրութեան չորս աստիճան վկայականներով օժտուած։
Այս արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանը և Տ. Յակոբոս քհնյ. Իսահակեանը ներկայութեամբը Տհօքի թաղական խորհուրդի ատենապետին, անդամներուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
