Չինաստանի մէջ մեկնարկած են Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իի բանակցութիւնները: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
Ին իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ տարեսկիզբէն Չինաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները դիմակայած են համաշխարհային իրավիճակի փոփոխութիւններու նոր փորձութիւններու եւ դրսեւորած են զարգացման ամուր միտում:
«Այս տարուայ սկիզբէն չին-ռուսական յարաբերութիւնները դիմակայեցին միջազգային իրավիճակի փոփոխութիւններու նոր փորձութիւններուն, պահպանեցին ճիշդ ուղղութիւնը եւ դրսեւորեցին զարգացման ամուր միտում», ըսած է ան:
ԱԳ նախարարը ընդգծած է, որ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի վստահութիւնը տարբեր ոլորտներում մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցով աւելի ուժեղացած է:
«Մենք շահագրգռուած ենք, որ ՉԺՀ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները շարունակեն զարգանալ կայուն եւ հետեւողական, մեր ղեկավարները` նախագահ Փութինը եւ նախագահ Սի Ծինփինը, համաձայնութեան եկած են այս հարցով: Եւ այսօր, ինչպէս Դուք ըսիք, մենք պիտի դիտարկենք յստակ քայլեր, որոնք միտուած են ապահովելու, որ այդ բոլոր պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն իրականացուին», իր հերթին ըսած է Լաւրով:
Ռուսաստանը, Չինաստանը եւ համախոհները միասին պիտի շարժին դէպի բազմաբեւեռ եւ արդար աշխարհակարգ` հետեւելով «միջազգային յարաբերութիւններու պատմութեան լուրջ փուլի» արդիւնքներուն, ըսած է Լաւրով:
Նշենք, որ Լաւրով ժամանած է Չինաստանի Տունսի քաղաք, ուր Մարտ 31-ին պիտի մասնակցի Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու երրորդ նախարարական համաժողովին: