image

Դաւիթ Տոնոյեանը պիտի մնայ կալանքի տակ

Դաւիթ Տոնոյեանը պիտի մնայ կալանքի տակ

Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր՝ Տիգրան Սիմոնեանի, բաւարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի կալանքը եւս 2 ամսով երկարաձգելու միջնորդութիւնը։

Դաւիթ Տոնոյեան կը մեղադրուէր 2,277,323,840 ՀՀ դրամ գումար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու մէջ։ Իր նկատմամբ կալանաւորումը ընտրուած է որպէս խափանման միջոց։ 

Այս գործով մեղադրեալի կարգավիճակ ունին նաեւ Հայաստանին զէնք մատակարարող ընկերութեան ղեկավար՝ Դաւիթ Գալստեան եւ Գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեան, որոնք նոյնպէս կալանաւորուած են։