image

Դաւիթ Տօնոյեան մտադիր չէ քաղականութեամբ զբաղելու

Դաւիթ Տօնոյեան մտադիր չէ քաղականութեամբ զբաղելու

Ես կը կարծեմ, որ անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած մենք լուրջ խնդիր ունինք։ Այս մասին 20 օգոստոսին, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, որ վերջերս ազատ արձակուած է 3 տարուան կալանքէն յետոյ։

«Ես թէ՛ ընդդիմութեանը, թէ՛ իշխանութեանն ասում եմ՝ կարող եմ դրա մասնակիցը լինել, բայց ոչ քաղաքական նպատակներով»,- նշեց ան։

Հարցին, թէ ինչո՞ւ քաղաքական իշխանութիւնը պատժեց զինք, Տօնոյեան ըսաւ․ «Ես գիտեմ՝ ինչու»։

Անդրադառնալով հրթիռներուն անպիտան ըլլալուն՝ նախկին նախարարն ըսաւ՝ յոյսով է, որ հրթիռներու ստուգման համար նոր փորձաքննութիւն կը նշանակուի․ «Ես ամենայն պատասխանատուութեամբ յայտարարում եմ, որ թէ՛ գնման պահին, թէ՛ գնումից յետոյ, թէ՛այսօր այդ հրթիռները կիրառման համար պիտանի են»։

Հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ ինքն այժմ ընդդիմութեան կողմն անցնի, Տօնոյեան ըսաւ․ «Ես այդքան անլուրջ անձնաւորութեան տպաւորութիւն եմ ստեղծո՞ւմ։ Ես դեռեւս ցանկութիւն չունեմ քաղաքականութեամբ զբաղուելու։ Խօսքը իշխանութեան համար պայքարի մասին է, թէ չէ անվտանգային քաղաքականութեան մէջ 30 տարի եղել եմ»։