image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան մտադիր են ռազմական դաշինք ստեղծել

Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան մտադիր են ռազմական դաշինք ստեղծել

Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Փաքիստանը մտադիր են ռազմական դաշինք կազմելու վերաբերեալ համաձայնագիր կնքել։ Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ փաստաթուղթը նախատեսուած է ստորագրել այսօր, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան ընթացքին։

Համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն։ Միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ կողմերը կը նախատեսեն համակարգել իրենց ջանքերը տարածաշրջանային ճգնաժամերու, ներառեալ Միջին Արեւելքի, կարգաւորման ուղղութեամբ։

Անգարայի մէջ համաձայնագիրի ստորագրումը կը դիտարկեն որպէս կարեւոր իրադարձութիւն՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէ, նշած են թրքական լրատուամիջոցները։