image

Դաւիթ Խուդաթեանը նշանակուած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար

Դաւիթ Խուդաթեանը նշանակուած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով Դաւիթ Խուդաթեանը նշանակուած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Դաւիթ Խուդաթեանին նշանակել տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարար»,-ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ։

Նոյեմբեր 18-ին վարչապետը յայտնած էր, որ խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ խնդրած է թողել իրենց պաշտօնները։ 

Հրաժարական ներկայացնող պաշտօնեաներու շարքին էր նաեւ նախկին տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը, որ նոյեմբեր 18-ին աշխատանքէն ազատման դիմում գրած էր։