image
Հրատապ լուրեր:

Դատախազը պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է

Դատախազը պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է

Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդագիր ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի նախագահին։

ՀՀ Սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածի համաձայն՝ պատգամաւորի նկատմամբ քրէական հետապնդում կրնայ յարուցուիլ միայն Ազգային ժողովի համաձայնութեամբ:

Դատախազութենէն նշած են, որ Մհեր Սահակեանը մարտ 31-ին Ազգային Ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովի նիստի ժամանակ հարուածած է յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Վարդանեանը:

«Մ․Ս․-ն խուլիգանական դրդումներով, ցուցադրաբար հակադրուել է Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերի մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վ.Վ.-ին, դրսեւորել է ագրեսիւ վարքագիծ: Մասնաւորապէս՝ Մ.Ս.-ն ձեռքով հարուածել է սեղանին, ոտքի կանգնել, բղաւելով դիտողութիւն արել յանձնաժողովի նախագահին, փակ քննարկման բնականոն աշխատանքը խոչընդոտելու դիտաւորութեամբ շրջանցել է իր եւ Վ.Վ.-ի միջեւ նստած պատգամաւոր Ա.Ղ.-ին, մօտեցել յանձնաժողովի նախագահին եւ աջ ձեռքով դիտաւորութեամբ հարուածել նրա դէմքի ձախ քունքային շրջանին: Հարուածի հետեւանքով յանձնաժողովի նախագահի առողջութեանը պատճառուել է թեթեւ վնաս՝ առողջութեան կարճատեւ քայքայումով՝ ձախ վերյօնքային շրջանի պատռուած վէրքի, ձախ վերյօնքային, քթի մէջքի քերծուածքների, ձախ վերին եւ ստորին կոպերի արիւնազեղումների ձեւով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։