image

Չկրակելnւ հրաման չկայ. Պապիկեան

Չկրակելnւ հրաման չկայ. Պապիկեան

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին վստահեցուցած է, որ ՀՀ զինուած ուժերուն հրամայուած չէ չկրակել։

«Ո՛չ, չկրակելու հրաման չկայ»,-  լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ան։

Լրագրողի հարցին՝  կա՞յ որոշում, որ զինուած ուժերը պէտք է դուրս գան Տաւուշի չորս գիւղերէն՝ պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է.

«Վարչապետը երէկ բոլոր հարցերին պատասխանել է, ՀՀ զինուած ուժերը շարունակում են իրականացնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը»։