Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լի Շանֆուն Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուի հրաւէրով պիտի այցելէ Ռուսիա։ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարի այցը նախատեսուած է ապրիլ 16-19-ը։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:
Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Թան Քեֆէյն ըսած է, որ Ռուսիա այցի ընթացքին Լի Շանֆուն բանակցութիւններ պիտի վարէ ռուս զօրահրամանատարներու հետ եւ պիտի այցելէ ռազմաուսումնական հաստատութիւններ։
Մարտի սկիզբը Սերգէյ Շոյկուն շնորհաւորած էր Լի Շանֆուն Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ։ Հեռագրին մէջ ան նշած էր, որ ռուս-չինական ռազմական համագործակցութիւնը «որակապէս նոր մակարդակի հասած է»։