image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը Զուիցերիոյ մէջ քննարկած է արցախցիներու վերադարձի եւ մարդասիրական խնդիրները

Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը Զուիցերիոյ մէջ քննարկած է արցախցիներու վերադարձի եւ մարդասիրական խնդիրները

Ապրիլ 29-էն մինչեւ Մայիս 1, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը՝ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ միասին, աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Զուիցերիա։ Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումներուն առանցքը արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովումն ու տարածաշրջանային մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարումն էին։ Մասնաւորապէս քննարկուած են Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզաբանման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումն ու վանտալիզմը կանխելու հրատապ հարցերը։

Ապրիլ 30-ին Զուիցերիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած է Արցախին նուիրուած ձեռնարկ՝ շզուիցերացի խորհրդարանականներու, փորձագէտներու, հայկական համայնքի եւ «Քրիստոնէական միջազգային համերաշխութիւն» (CSI) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Բացման խօսքով հանդէս եկած են «Զուիցերական խաղաղութեան նախաձեռնութիւն յանուն Լեռնային Ղարաբաղի» յանձնախումբի համանախագահներ, պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնթոպելը եւ Շթեֆան Միւլլեր-Ալթերմաթը։ Խստօրէն դատապարտելով միջազգային հանրութեան անգործութիւնը արցախահայութեան ցեղային զտման ընթացքին՝ պատգամաւոր Ֆոնթոպելը շեշտած է. «Զուիցերիան ունի համապատասխան փորձագիտական ներուժ, աւանդոյթներ եւ վստահութիւն՝ նման խաղաղ գործընթաց կարելի դարձնելու համար, եւ զայն ստանձնելը մեր պարտքն է»։

Հայկական կողմէն ելոյթ ունեցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանը, մշակոյթի նախկին նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներ Արմինէ Ալեքսանեան, Գառնիկ Քերքոնեան եւ Մարիօ Նալպանտեան։ Պատուիրակութեան անդամները ներկաներուն փոխանցած են արցախահայութեան ներկայ կացութիւնը՝ շեշտելով հայրենիք հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը։

 

Ամփոփելով այցելութիւնը՝ հայկական պատուիրակութիւնը վերահաստատած է միասնական դիրքորոշումը․ Արցախի հարցը փակուած չէ եւ չի կրնար դուրս հանուիլ միջազգային օրակարգէն, քանի դեռ արցախցիները չեն վերադարձած իրենց բնօրրան, իսկ հակամարտութիւնը չէ ստացած արդարացի՝ միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծում։