image

Իրանի ԱԳ նախարարը Փութինի հետ հանդիպելու նպատակով ժամանած է Ռուսիա

Իրանի ԱԳ նախարարը Փութինի հետ հանդիպելու նպատակով ժամանած է  Ռուսիա

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ապրիլ 27-ի առաւօտեան ժամանած է Ռուսիա։

Այս մասին կը յայտնէ իրանական IRNA պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ նշելով, որ կը սպասուի Արաքչիի հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Սեն Փեթերսպուրկի օդակայանին մէջ տուած հարցազրոյցին ԱԳ նախարարը նկատած է, որ ռուսական կողմի հետ երկար ժամանակէ ի վեր բարձրաստիճան հանդիպումներ տեղի չէին ունեցած։

«Այսօրուան հանդիպումը պիտի ըլլայ յարմար առիթ՝ քննարկելու պատերազմի զարգացումները եւ ներկայ իրավիճակը։ Վստահ եմ, որ այս հարցով երկու երկիրներու միջեւ խորհրդակցութիւնները առանձնայատուկ կարեւորութիւն պիտի ունենան»,– ըսած է Արաքչին։

Աւելի վաղ ան այցելած էր Փաքիստան եւ Օման, ուր քննարկումներու կեդրոնը եղած է պատերազմի դադրեցման եւ հրադադարի հարցը։