ՀՀ ԱՆ «Վարդաշէն» ՔԿՀ-ի մէջ փրոֆեսոր Արմէն Չարչեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, որ պայմանաւորուած է անոր մօտ առկայ շաքարային հիւանդութեամբ (ծան ձեւ) եւ ան տեղափոխուած է «Քանաքեռ-Զէյթուն» բժշկական կեդրոն՝ շաքարային բաժանմունք։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է անոր փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը:
«Պնդում եմ՝ Արմէն Չարչեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւնն անհամատեղելի է կալանաւորման հետ եւ փրոֆեսորն օր առաջ պէտք է ազատ արձակուի»,- գրած է փաստաբանը։