image

Ցեղասպանութեան մասին պատմող Մարտիկ Մատէնճեանի գիրքը մրցանակի տիրացաւ

Ցեղասպանութեան մասին պատմող Մարտիկ Մատէնճեանի գիրքը մրցանակի տիրացաւ

Յուլիս 21, 2016 թուականին, Hollywood Book Festival-էն ստացուած ե-նամակ մը կը շնորհաւորէր «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» գիրքս, որ շահած էր պատմութեան սեռի առաջին մրցանակը:

Լուրը շատ ուրախալի էր՝ անսպասելի ըլլալուն համար: Մրցումին մասնակցողները ամերիկացիներ էին, իսկ «Ravished Pardise»ը… Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրուած գիրք մըն էր: Մենք՝ հայերս, իրազեկ ենք թէ մեր դատը, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ինչպիսի անտարբերութեան կամ անհոգութեան ենթակայ է: Ուրախ էի այն բանին համար որ գիրքս խորտակած էր այդ արուեստական անտարբերութեան պատնէշը եւ մրցանակ շահած: Այս իրականութիւնը զիս աւելի կը շահագրգռէր քան մրցանակը:

Ես երբեք չէի կասկածած գիրքիս՝ Ravished Paradise, Forced March to Nothingness-ի որակին մասին: Անոր հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Բռնագրաւուած Դրախտը, Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն» գիրքը մեծ ընդունելութեան արժանացած էր հայ ընթերցողներու կողմէն եւ նաեւ գնահատական նամակներով եւ խօսքերով ողողուած էր, նոյնիսկ Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու հայկական թեմերու առաջնորդներէն: Անոր յաջողութիւնը պատճառ դարձաւ որ երկու տարուան ընթացքին վեց գիրքեր հրատարակեմ մէկը միւսին ետեւէն:

Օգոստոս ամսու 18ին, Հոլիվուտի «Ռուզվել»չ պանդոկին «Պլասըմ Ռում»ին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Այս՝ այն սրահն է ուր տեղի ունեցած էր սինեմայի առաջին Օսքարի հանդիսութիւնը 1929 Մայիս 16ին: Օրուան հանդիսավարն էր Պրուս Հերինկ, իրեն օգնական ունենալով տիկին Սթէյսին:

Երեկոյեան ժամը 7:30ին սկսած ընկերային բաժինը ներկաներու ծանօթացումով տեւեց մինչեւ ժամը 8:15: Պատուոյ սեղան մը զետեղուած էր, ուր հեղինակները իրենց մրցանակակիր գիրքէն օրինակ մը կը ցուցադրէին հետաքրքիր ներկաներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը: Մրցանակ շահողներու թիւը 156ը կ'անցնէր, աւելի քան 15 գրական սեռերու մասնակցողներով, ինչպէս՝ գեղարուեստական կամ երեւակայական, բանաստեղծական եւ կենսագրական, եւայլն: Ամերիկայի մօտիկ եւ հեռու նահանգներէն մասնակցողներ կային, սակայն բոլորը չէին եկած իրենց մրցանակը ստանալու: 12 սեռերու հեղինակներ ներկայ էին եւ անոնցմէ միայն 17 անձեր խօսելու փափաք յայտնած էին. անոնց մէջ կար նաեւ անունս:

Պարոն Հերինկ խօսք առնող հեղինակին հակիրճ կենսագրութիւնը կու տար նախ, ապա կը հրաւիրէր խօսելու ներկաներուն իր գիրքին մասին: Ես խօսք առնողներէն չորրորդն էի՝ որպէս պատմութեան ժանրի-սեռի յաղթական հեղինակը: Կար երկրորդ մրցանակ շահող մը եւ չորս պատուոյ յիշատակութիւն ստացածներ: Գուցէ տասնեակ անգամներ գրեր էի, սրբագրած եւ փոխած ներկայացնելիք խօսքս: Կը յամառէի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծանրանալ, սակայն երեք րոպէ իրաւունք ունէի եւ անկարելի էր փափաքած նիւթս խօսիլ այդ կարճ ժամանակամիջոցին: Բարեբախտաբար ճառախօաութեան դասընթացքի հետեւած էի մի քանի տասնամեակ առաջ եւ լաւ գիտէի խօսելիք նիւթս հետաքրքրական ձեւով ներկանացնելու արուեստը:

Խօսքս սկսայ այսպէս՝ «Եթէ փափաքիք սինեմայի որակով պատմական գիրք մը կարդալ, կամ եթէ ուզէք տեղեկանալ ամերիկեան պատմութեան չլսուած դէպքերու, Առաջին Աշխարհամարտի ճակատամարտերէն անծանօթ մնացած կռիւներու եւ այդ ժամանակի քաղաքական էնթրիկներուն մասին, այս գիրքը կարդալու էք»:

 

ՄԱՐՏԻԿ ՄԱՏԷՆՃԵԱՆ