Բեմադիր Նատալիա Միրզոյեանի «Ձմեռը Մարտ ամսուն» կենդանապատկեր (animation) ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Գաննի 78-րդ միջազգային փառատօնի La Cinef պաշտօնական մրցութային ծրագրի շրջածիրէն ներս, ուր ալ ստացած է «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ»-ը, գրաւելով 3-րդ տեղը։ Ան ընտրուած է ներկայացուած աւելի քան 2.400 ֆիլմերէն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Բեմադիր Նատալիա Միրզոյեանի «Ձմեռը Մարտ ամսուն» կենդանապատկեր (animation) ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Գաննի 78-րդ միջազգային փառատօնի La Cinef պաշտօնական մրցութային ծրագրի շրջանակին մէջ, ուր ալ ստացաւ «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ»-ը, գրաւելով 3-րդ տեղը։ Ան ընտրուած է ներկայացուած աւելի քան 2.400 ֆիլմերէն։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ Շարժանկարի հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ «Ձմեռը Մարտ ամսուն» շարժանկարը ստեղծուած է ArtStep Studio-ի (Հայաստան), Rebel Frame-ի, Էսթոնիոյ արուեստի ակադեմիայի, Black Boat Pictures-ի (Ֆրանսա) եւ White Boat Pictures-ի (Պելճիքա) համատեղ արտադրութեամբ։
Այս շարժանկարը հիմնուած է Ս. Փեթերսպուրկի ընտանեկան զոյգի իրական պատմութեան մը վրայ։ Ան կը սկսի Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի միջեւ պատերազմի առաջին օրէն եւ ցոյց կու տայ իրադարձութիւնները այն մարդոց տեսանկիւնէն, որոնք Ռուսաստանի քաղաքացիներ են, բայց դէմ են պատերազմին։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ պատերազմի առաջին ամիսը եւ հերոսներուն հետագայ ճամբորդութիւնը դէպի Վրաստան։ Փորձութիւնները կը յանգեցնեն զոյգին օտարացման, որ ի վերջոյ կ՚աւարտի բաժանումով։