«Համաս» Իսրայէլին յանձնած է եւս 1 պատանդի աճիւն, որ Կարմիր խաչի միջոցով Կազայի հարաւէն տեղափոխուած է Թել Աւիւ՝ նոյնականացման։ ՑԱՀԱԼ-ը խմբաւորումէն պահանջած է շարունակել հրադադարի գործարքի կեանքի կոչումը եւ փոխանցել մնացած աճիւնները:
Նախապէս դէպքեր եղած են, երբ «Համաս»-ի փոխանցած մարմինները չեն պատկանած 7 հոկտեմբերին գերեվարուած անձերուն: Եթէ նոյնականացման արդիւնքով հաստատուի, որ փոխանցուած աճիւնը կը պատկանի իսրայէլացի գերիներէն մէկուն, ապա «Համաս»-ը պէտք է վերադարձնէ եւս 5 աճիւն՝ ընդհանուր 28-էն:
Պաղեստինեան շարժումը յայտարարած է, որ կ'աշխատի գործընթացը ըստ հնարաւորութեան շուտ աւարտելու ուղղութեամբ, սակայն մարմիններուն մեծ մասը փլատակներու տակն է, ինչ որ կը բարդացնէ որոնումը: Տանըլտ Թրամփ նախազգուշացուցած է՝ եթէ «Համաս» խախտէ հրադադարի պայմանները եւ չվերադարձնէ բոլոր աճիւնները, Իսրայէլ պիտի վերսկսի ռազմական գործողութիւնները: