image

Մենք Համազգային ենք..Համազգայինը կը համախմբուի՝ մշակոյթի տունը գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար

 Մենք Համազգային ենք..Համազգայինը կը համախմբուի՝ մշակոյթի տունը գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար

ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Համազգայինի մեծ  ընտանիքին համար համայնքը միայն անուն մը չէ, այլեւ ուժ մը, որ տարիներու ընթացքին իր նուիրումով ու զօրակցութեամբ կը պահէ եւ կը վերանորոգէ ազգային-մշակութային ժառանգութիւնը։ Սեպտեմբեր 20-ին նախատեսուած Կալան այդ միասնական ոգին անգամ մը եւս պիտի համախմբէ՝ ապագայի համար կառուցելու եւ պահպանելու Համազգայինի մշակոյթի տունը։

Ստորեւ այդ մասին Համազգայինի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի պաշտօնական էջով տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Մենք Համազգային ենք։ Մեր 2026-ի Կալայի վերջին հաշուարկին ընդառաջ՝ խորապէս երախտապարտ ենք մեր համայնքի ցուցաբերած սիրոյն ու զօրակցութեան համար։ Յաջորդ Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 20-ին, դարձեալ պիտի համախմբուինք՝ միասնական նպատակով. նշելու, տօնելու եւ մեր հիմքը գալիք սերունդներուն համար վերակառուցելու մեր յանձնառութիւնը։

Համայնքի կողմէ կառուցուած։ Համայնքի համար վերանորոգուած Միասնաբար կերտենք մեր մշակոյթի տունը՝ յաջորդող սերունդներուն համար:

We Are Hamazkayin. Built by Community. Renewed for Community.

Info@hamazkayinwr.org | 877-928-1968