image

Բոլոր շրջաններուն մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ

Բոլոր շրջաններուն մէջ  կը սպասուի անձրեւ  եւ ամպրոպ

Հանրապետութեան տարածքին` 1 մայիսի ցերեկը, 2-ին, 5-6-ը, ժամանակ առ ժամանակ բոլոր շրջաններուն մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարկուտ։ 2-4 մայիսին առանձին շրջաններու մէջ յատկապէս կէսօրէ ետք եւ գիշերը կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ:

Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ։

Օդի ջերմաստիճանը 1 մայիսի ցերեկը կը նուազի 7-8 աստիճանով, 2-4-ի ցերեկը աստիճանաբար նոյնքան կը բարձրանայ:

Երեւան քաղաքին մէջ՝ 1 մայիսի ցերեկը, 2-ին, 5-6-ը, ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ: 3-4-ի մայիսի գիշերը եւ կէսօրէն ետք քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: