Միացեալ նահանգներ բնակող պոլսահայ հասարակական գործիչ ՝ Յովհաննէս Գուլաք օրերս թոռնիկով մը բախտաւորուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-էն
Գուլաք այս առթիւ գրառում մը կատարած է դիմատետրի իր էջին գրելով՝ «Մեր Թոռնուհին Զապել, Տենչալի Աւետիքեանին ծննդեան առթիւ Դիմատետրի ընկերներուս, ազգականներուս ,իրենց գրութեամբ և հեռաձայնելով շնորհաւորութիւններուն համար կը յայտնեմ մեր խորին շնորհակալոթիւնները»։
Նշենք, որ Գուլաք Լոս Անճելոսի մէջ գործող Պոլսհայ միութեան նախագահն է եւ երկար ժամանակէ ի վեր մասնակից հայկական համայնքի գործունէութեան։
Լուսանկարին մէջ՝ Գուլաք, թուրք յայտնի մտաւորական Թանէր Աքչամ եւ Պոլսահայ անուանի իրաւաբան՝ Էտուին Մինասեան։