image

Ազդանշանը տրուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին 84-րդ կրթական տարեշրջանին

Ազդանշանը տրուեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին 84-րդ կրթական տարեշրջանին

2022-ի Սեպտեմբերի 8-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչական-տեսչական անձնակազմը գումարեց իր առաջին՝ վերամուտի ընդհանուր ժողովը վարժարանի “Ֆարաճեան” հանդիսասրահի մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով եւ աղօթքով, որուն յաջորդեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի ուղենշող զեկոյցը՝ փակուած տարեշրջանին մասին ամփոփ տեղեկատուութեամբ եւ յառաջիկայի աշխատանքներուն մասին։

Պարոն Գալուստ նախ դիտել տուաւ, որ անցեալ տարեշրջանին հնարաւոր եղաւ յաջողութեամբ անցնիլ քորոնա ժահրի տարածման սահմանափակումին ընկերացած բնականոնացման հանգրուանը, եւ այս տարի Մեսրոպեանը լիովին պատրաստ է սկսելու եւ շարունակելու նախա-համաճարակային շրջանի դրութեամբ սովորական տարեշրջան մը, որուն ընթացքին ամբողջովին պիտի վերականգնուին մինչ այդ առկախեալ կրթական աշխատանքները, արտադասարանային գործունէութիւնները՝ ներառեալ։

Պարոն տնօրէնը գոհունակութիւն արտայայտեց անցած տարեշրջանի կրթական արդիւնքներուն համար, որոնց մէջ իրենց յատուկ տեղը գրաւեցին պետական քննութիւններուն յաջողութիւնները․ բարձրագոյն վարժարանի պրեվէի (97․14%) եւ բ․ պաքալորիայի (93․10%) քննութիւններուն յաջողութեան համախառն համեմատութիւնը կազմեց 95․31 առ հարիւր, իսկ արուեստից վարժարանի BP2, BT3 եւ TS բաժիններու յաջողութեան համախառն համեմատութիւնը՝ 100 առ հարիւր։ Զոյգ վարժարաններէն, պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրեցին 116 աշակերտներ, որոնցմէ 53-ը՝ յիշատակութեամբ։

Պարոն Գալուստ շեշտեց, որ Մեսրոպեանի անձնակազմի իւրաքանչիւր անդամ նուիրուած եւ պարտաճանաչ աշխատանքով իր ներդումը ունեցաւ վարժարանի նուաճումներուն մէջ, ի հեճուկս բոլորին ծանօթ՝ չափազանց դժուար պայմաններուն։ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յառաջիկայ տարեշրջանին ունի 109 անդամներէ բաղկացած անձնակազմ մը, լիուլի կատարելու համար ի խնդիր աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան ստանձնուած պարտաւորութիւնը։ Պարոն Գալուստ ըսաւ, որ, ինչպէս անցած տարիներուն, նոր տարեշրջանին եւս ուսուցիչներու վերապատրաստական աշխատանքները պիտի ըլլան շարունակական, տնօրէնի կրթական հարցերու խորհրդատու դոկտ. Քոլէթ Աունի գլխաւորութեամբ։

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժնի պատասխանատու, դոկտ. Աունի օգանական տիկին Հասնա Ապու Էլիաս, որ գլխաւորաբար անդրադարձաւ դասանիւթերու համակարգող ուսուցիչներու եւ ուսուցչական կազմին միջեւ աշխատանքներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ դասաւանդութեան ելեկտրոնային կառավարման դրութեան վերաբերող հարցերուն։

Հանդիպումի երկրորդ մասով ներկաներուն հետ վարժողական աշխատանքներ կատարեց WAZNET կրթաական խորհրդատուական ընկերութեան տնօրէն պարոն Սամիր Քոնսթանթին․ Մեսրոպեանը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը գործակցի այս ընկերութեան հետ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու մտաւոր զարգացման ծրագիրներու շրջանակին մէջ։

Պարոն Քոնսթանթին կարեւոր թելադրանքներ կատարեց՝ ուղղուած ներկայ ընկերային-տնտեսական պայմաններուն հետ անձի յարմարուողութիւնը զարգացնելուն, դիտել տալով, որ շնորհիւ այդ յատկանիշին է, որ անձը, ապրելէ ետք անկումներու փորձառութիւնը, կրնայ բարոյա-հոգեբանական եւ ֆիզիքական առումներով վերելքի ընթացքը բռնել եւ ձեռք բերել ճկունութիւն՝ առ ի պատասխան նոր եւ փոխուող պայմաններուն։

Վերամուտի հանդիպումին յաջորդող օրը մեկնարկեց ուսուցիչներու վարժողական եռօրեայ սեմինարը, ղեկավարութեամբ Մեսրոպեանի տնօրէնի կրթական հարցերու խորհրդատու դոկտ. Քոլէթ Աունի։

 

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի