image
Հրատապ լուրեր:

Ազատ գիւղի միջադէպին զոհուածներու ծնողները ճանապարհ փակած էին

Ազատ գիւղի միջադէպին զոհուածներու ծնողները ճանապարհ փակած էին

Ազատ գիւղի զինուորական կացարանին մէջ հրդեհի հետեւանքով զոհուած 15 զինծառայողներու ծնողները փակած էին Ամիրեան փողոցը՝ Հանրապետութեան հրապարակ տանող հատուածը։

Անոնք ժամանակ տուած էին, որ իրենց ընդունի Նիկոլ Փաշինեանը կամ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, սակայն անոնցմէ ոչ մեկը հանդիպած է ծնողներու հետ։

«Առ այս պահը որեւէ պաշտօնական պատասխան չկայ՝ հանդիպում լինելո՞ւ է, թէ՞ ոչ», - կառավարութեան դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է զինծառայողներու ծնողներու շահերու ներկայացուցիչ, փաստաբան Նորիկ Նորիկեանը։

Աւելի ուշ, լրագրողներու հետ զրոյցին զոհուած զինծառայող Գագիկ Բարսեղեանի հայրը՝ Արման Բարսեղեանը ըսած է, որ զոհուած զինծառայողներու ծնողները երկու ժամէն հանդիպում պիտի ունենան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի օգնական Գագիկ Իսախանեանի հետ։ 

«15 հոգով կը գնանք հանդիպման։ Այդ ընթացքում պարզ կը լինի՝ կ'ընդունեն մեզ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սուրէն Պապիկեանը, թէ՝ ոչ։ Դրանից յետոյ կը յստակեցնենք մեր անելիքները»,-ըսած է Արման Բարսեղեանը։