Ամերիկահայ գործարար Մայք Սարեանի կարծիքով ամէնակարեւորը վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումն է։
Սարեան, որ հարցազրոյց մը տուած է ՝«Արեւելք»ին մասնաւորապէս նշած է, որ սփիւռքահայութիւնը մի քանի պատճառներով «կտրուած է» Հայաստանէն եւ այդ բոլորի պատճառը 44 -օրեայ պատերազմի օրերուն ստեղծուած մթնոլորտն էր։
«Ամենամեծ սխալը այն էր, որ մեզի խափեցին. Անընդհատ կ՚ըսէին, որ պիտի յաղթենք եւ արդիւնքը բոլորս գիտենք, թէ ինչ պատահեցաւ»,-կը նշէ Սարեան վերահաստատելով, որ այսօր ամէնակարեւորը դրոյթը վստահութեան վերահաստատումն է։
Ըստ Սարեանի Հայաստան պարտաւոր է ելքեր գտնել ու խօսիլ բոլոր հիմնական խաղացողներուն հետ. «Մենք փոքր երկիր ենք»,- կը նշէ ան, յաւելելով, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ բոլորը կը շարժին միայն իրենց շահերու հիմամբ։
Սարեան խօսելով ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք նեցուկին մասին մասնաւորապէս կը նշէ, որ ԱՄՆ-ի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ կը բխի Ամերիկահայերուն հանդէպ ամերիկեան հետաքրքրութիւնէն։
Մեր խօսակիցը նաեւ կը կարեւորէ ամերիկահայ համայնքի կարեւորութիւնը նշելով, որ տեղի համայնքը ունի մեծ հնարաւորութիւններ եւ կարելիութիւններ։
Հարցազրոյցն ամբողջութեամբ՝ «Արեւելք»ի YouTube-եան ալիքով։