image

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Սարմէն Պաղտասարեան այցելեց ՍԴՀԿ կեդրոն

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Սարմէն Պաղտասարեան այցելեց ՍԴՀԿ կեդրոն

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի մարմնի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարդեան Հինշաբթի 26 Մարտին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոն, ուր Հայաստանի հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ տեսակցեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինին հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանին: Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին դեսպան Պաղտասարեան ներկայացուց հայրենի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, զորս կը վերաբերին Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն:

Ժողովականները արծարծեցին նաեւ Միջին արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի բարդ իրավիճակներն ու Լիբանանի եւ Հայաստանի վրայ ռազմական առճակատումին ազդեցութիւնը, կեդրոնանալով մանաւանդ իսրայէլեան շարունակական ռմբակոծութեան լոյսին տակ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնն ու Հայաստանի դեսպանը երկուստէք հաստատեցին խորհրդակցութիւնները շարունակելու պատրատակամութիւնը եւ համատեղ աշխատանքի ձեռնարկումը՝ յանուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ համայնքի բարօրութեան: