image

«Այսօր մեզի համար կարեւորագոյնը՝ վստահութեան վերականգնումն է».Մայք Սարեան

«Այսօր մեզի համար կարեւորագոյնը՝ վստահութեան վերականգնումն է».Մայք Սարեան

Ամերիկահայ գործարար Մայք Սարեանի կարծիքով ամէնակարեւորը վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումն է։ 

Սարեան, որ հարցազրոյց մը տուած է ՝«Արեւելք»ին մասնաւորապէս նշած է, որ սփիւռքահայութիւնը մի քանի պատճառներով «կտրուած է» Հայաստանէն եւ այդ բոլորի պատճառը  44 -օրեայ պատերազմի օրերուն ստեղծուած մթնոլորտն էր։ 

«Ամենամեծ սխալը այն էր, որ մեզի խափեցին. Անընդհատ կ՚ըսէին, որ պիտի յաղթենք եւ արդիւնքը բոլորս գիտենք, թէ ինչ պատահեցաւ»,-կը նշէ Սարեան վերահաստատելով, որ այսօր ամէնակարեւորը դրոյթը վստահութեան վերահաստատումն է։ 

 Ըստ Սարեանի Հայաստան պարտաւոր է ելքեր գտնել ու խօսիլ բոլոր հիմնական խաղացողներուն հետ. «Մենք փոքր երկիր ենք»,- կը նշէ ան, յաւելելով, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ բոլորը կը շարժին միայն իրենց շահերու հիմամբ։

Սարեան խօսելով ԱՄՆ-ի կողմէ Հայաստանին տրամադրուելիք նեցուկին մասին մասնաւորապէս կը նշէ, որ ԱՄՆ-ի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի հանդէպ կը բխի Ամերիկահայերուն հանդէպ ամերիկեան հետաքրքրութիւնէն։

 Մեր խօսակիցը նաեւ կը կարեւորէ ամերիկահայ համայնքի կարեւորութիւնը նշելով, որ տեղի համայնքը ունի մեծ հնարաւորութիւններ եւ կարելիութիւններ։

 

 Հարցազրոյցն ամբողջութեամբ՝ «Արեւելք»ի YouTube-եան ալիքով։